2015-09-24 10:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 սեպտեմբերի յայտագիրը` Ուաշինկթընէն Նիւ Եորք։


(Ռատիօ Վատիկան) Քուպա եւ Միացեալ Նահանգներ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Հինգշաբթի 24 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7-ին (Հռոմի ժամով 13-ին) մատուցած Սուրբ պատարագով սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութեան 6–րդ օրուայ յայտագիրը։ Սրբազան Հայրը հակիրճ հանդիպում ունենալէ ետք Պապական Նուիրակութեան աշխատակազմին ու համագործակիցներուն հետ կ՛ուղղուի Ամերիկեան Քոնկրէս։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին քահանայապետն է որ խօսք կ՛առնէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ խօսք առած է Լեհաստանի (1999-ին) եւ Իտալիոյ (2002) խորհրդարաններու մէջ իսկ Պենետիկտոս ԺԶ խօսք առած է Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ (2011)։

Տեղական ժամով առաւօտեան 9,20-ին (Հռոմի ժամով 15,20-ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը ժամանէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի մուտքին ուր կը դիմաւորուի եւ մուտք կը գործէ Քոնկրէսի առաջին յարկ` հանդիպում ունենալու Քոնկրէսի խօսնակ` Ճոն Պոհների հետ որ  ապա Նորին Սրբութիւնը կ՛առաջնորդէ դէպի Քոնկրէսի դահլիճ ուր համախմբուած են  Ամերիկացի Քոնկրէսականները։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ուղղելէ ետք իր պատգամը կ՛ուղղուի Քոնկրէսի կեդրոնական պատշգամ ողջունելու Քոնկրէսի աշխատակազմը։

Քոնկրէսին տուած այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Ուաշինկթընի Սուրբ Փաթրիք Եկեղեցի, որ կառուցուած է 1794-ին, ուր կ՛այցելէ Եկեղեցւոյ բարեսիրական հաստատութիւնը եւ ուր, հաստատութեան մատրան մէջ,  հանդիպում կ՛ունենայ կեդրոնը յաճախող 200 անօճախներու հետ անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը։

Սէն Փաթրիք եկեղեցւոյ բարեսիրական հաստատութեան տուած այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Պապական Նուիրակութիւն։

Յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ տեղական ժամով 15-ին (Հռոմի ժամով 21-ին)։ Սրբազան Պապը հրաժեշտ կ՛առնէ առաքելական նուիրակութենէն եւ կ՛ուղղուի Ուաշինկթընի զինուորական օդակայան ու ժամը 16-ին (Հռոմի ժամով 22-ին)  կը մեկնի դէպի Նիւ Եորք սկիզբ տալով Միացեալ Նահանգներ կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ թեմին հովուական այցելութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապին թռիչքը վայրէջք կը կատարէ Նիւ Եորքի Ճոն Ֆրետերիք Քենետի օդակայան տեղական ժամով 17-ին (Հռոմի ժամով 23,00)։ Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորեն Նիւ Եորքի Արքեպիսկոպոսը, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, Նիւ Եորքի կառավարիչն  ու քաղաքապետը, եւ այլ քաղաքական ու եկեղեցական անձնաւորութիւններ։ Սրբազան Քահանայապետը ապա կը բարձրանայ ուղղաթիռ եւ կ՛ուղղուի Մանհաթընի Սէն Փաէրիք աթոռանիստ եկեղեցի ուր տեղական ժամով 18.45-ին (Հռոմի ժամով 25 սեպտեմբեր 00.45-ին) նախատեսուած է Ժամասացութեան արարողութիւն մասնակցութեամբ կղերական դասին։

Այս արարողութեամբ կ։եզրափակուի Ֆրանչիսկոս Պապին 10-րդ առաքելական միջազգային ճամբորդութեան  24 սեպտեմբերի յայտագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.